2016-08-23 09:44:00

Հայ հոգեւոր երաժշտութեան «Շարական» Փառատօնը` Տաթեւի վանական համալիրին մԷջ


Հայ հոգեւոր երաժշտութեան «Շարական» փառատօնը առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 14-16 Տաթեւի վանական համալիրին մէջ:

«Շարական» փառատօնի նպատակն է պահպանել եւ խթանել հայ հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը: «Շարական» փառատօնը ամէնամեայ փառատօն է, որ շարունակաբար պիտի զարգացնէ հայ հոգեւոր երաժշտութեան կարեւորութեան գաղափարը եւ ազդեցութիւնը ընդհանրապէս, կ’ըսուի փառատօնի կազմակերպիչներու հաղորդագրութեան մէջ:

Փառատօնը հայ երաժիշտներուն եւ հետաքրքրուած հանդիսատեսին պիտի տրամադրէ հարթակ մը` այս հարուստ եւ բազմաբովանդակ երաժշտութեան ու արուեստին աւելի խորը ծանօթանալու համար:

Փառատօնի կազմակերպիչներն են Music of Armenia–ն եւ «Տաթեւի վերածնունդ» հիմնադրամը:

Քաղուած Եռագոյնէն

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.